Վերջացնելով այս գրքոյկը, պարտք կը զգամ յայտարարելու թէ՝ ես ոչ զինուորական վարժարանի մը ընթացքը աւարտած եմ, ոչ ալ մասնագիտական ճիւղ մշակած. հետեւաբար յաւակնութիւն չունիմ երբեք մասնագիտական գործ մը ներկայացնելու իմ հայրերնակիցներուս։ Կեանքը ինքն է եղած՝ իր փորձառութիւնով իմ՝ ինչպէս նաև իմ շատ մը ընկերներուս դաստիարակը։ Ի հարկէ, սրտանց կը փափաքէի, որ օր մը, և այն մօտաւոր ապագային մէջ, գիտապէս, մասնագիտական կրթութեամբ օժտուած երիտասարդներ յաջորդէին մեզի և աւելի յաջողութեամբ, աւելի ձեռնհասութեամբ վարէին մարտական բանակը։
Սակայն, չեմ կրնար այս առթիւ իմ ունեցած մէկ ճշմարիտ ցաւս ծածկեր։ Մոտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր արտասահման կը գտնուիմ և պատեհութիւնն ունեցած եմ մօտէն ճանչնալու արտասահմանի այլ և այլ հայ գաղութներու երիտասարդութիւնը։ Թողունք անցեալը, տասնըհինգ տարիէ վեր հայութեան համար արդէն զէնքն ու զինավարժութիւնը դարձել է կենսական, հարկադրողական անհրաժեշտութիւն։ Երկրէն դուրս գտնուող երիտասարդներէ ոմանք իրենց աչքերով տեսած են թէ՝ ինչպէս զօրաւորին սուրը արիւնով լուաց Հայրենիքը և իր առջեւ խոնարհեցուց մեր հայրերը, մեր մայրերը, քոյրերը ու ամէնքս։ Չի տեսնողներն ալ իրենց ականջներով լսեցին ու կը լսեն ամէն օր։ Բայց ի՞նչ են ըրած մինչև հիմա՝ խրատուելու համար կեանքի դասերէն չի կրկնելու անցեալի տխուր սխալները։ Ոչի՜նչ։ Չի տեսայ երկու վայր, ուր տասը-քսան երիտասարդներ քով-քովի գային և բռնութեան սահմաններեն հեռու և ամէն կերպով ազատ՝ օտար երկիրներու մէջ մէկ-մէկ զէնք առնէին ձեռքերնին և զինավարժութեան հետևէին, չի տեսայ և ցաւով կ'ըսեմ ասիկա։ Հապա ի՞նչու կը քննադատեն զանոնք, որ երկրին մէջ ո՛չ զէնք առնելու միջոց, ո՛չ ալ վարժուելու դիւրութիւն ունին։
Ամէն օր երեւան եկած դէպքերն ու անոնց յայտնութիւնը մեզի բացարձակօրէն կը սորվեցնեն թէ հայը, ըլլայ Տաճկաստան, ըլլայ Կովկաս, Պարսկաստան կամ ուրիշ տեղ, իր կեանքը պահպանելու մէկ միջոց մը ունի, մէկ պաշտպան մը, այն ալ զէնքն ու զինավարժութիւնն է։ Մարդ ո՛չ հերոս, ո՛չ ալ կռուող կը ծնի. զէնքն է որ մարդուն կռուելու ընդունակութիւն կուտայ և դիմադրութեան ոգի կը ստեղծէ անոր մէջ։ Անոնք որ կը սպասեն՝ թէ մեր նոր սերունդները առանց զէնքի ընտելանալու, առանց զինավարժութեամբ պարապելու վաղը կռուողներ պիտի դառնան, տղայական միամտութիւննին է որ կը յայտնեն, ուրիշ ոչինչ։ Այդ կերպով՝ եթէ դարեր ալ սպասենք, նորէն երկչոտներ, ստրուկներ պիտի մնանք, և նորէն մեր կեանյքն ու պատիւը պիտի ըլլան օտարի ձեռքի խաղալիքը։
Ես չեմ որ կը հրաւիրեմ ձեզ, արտասահմանեան երիտասարդներ, այլ դժբախտ Հայրենիքին հողն ու քարը իրենց արիւնով ներկած մեր նահատակներն ու պաշտելի հերոսներն են, որ կոչ կ'ընեն ձեզի զէնքի, զինավարժութեան ու վրէժխնդրութեան։
Լսեցէք անոնց Ձայնը, որ մեր կեանքին Ձայնն է։
|